Վերջ գտաւ Կազայի 50 օր տեւող պատերազմը։ Եգիպտոսը կարողացաւ Համասի ու Իսրայէլի միջեւ
''բաց ժամկէտով'' զինադադարի համաձայնութիւն մը կնքել որ ուժի մէջ մտաւ երեքշաբթի 26
օգոստոսի, գիշերուան ժամը 7-ին (տեղական ժամով)։Հիսուն օրուայ այս պայքարի պատճառաւ
մահացան աւելի քան 2000 անձ որոնց քառորդը մանուկներ են բացի այլ ծանր վիրաւորեալներէն
եւ յառաջացած անթիւ տառապանքէն ու կործանումներէն. Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը
նշեց, որ ըստ համաձայնութեան, ամբողջական ու փոխադարձ զինադադար կը հաստատուի, զուգահեռաբար
Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ անցքերը կը բացուին, կազացիներուն արտօնութիւն կը տրուի մինչեւ
վեց մայլ հեռաւորութեան վրայ ձկնորսութիւն կատարելու, իսկ այլ հարցերու շուրջ անուղղակի
բանակցութիւնները կը շարունակուին մէկ ամիսէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց
նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ուժեղ կերպով կը զօրակցի զինադադարի համաձայնութեան: